2017-01-12 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Ձեռք երկարենք անչափահաս գաղթականներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Անչափահաս գաղթականները, յատկապէս միայնակները, յատուկ օրէն անպաշտպան ու խոցելի են։ Ամէնքս Ձեռք երկարենք անոնց''։ Այս եղաւ Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրը պարունակուած հինգշաբթի 12 յունուարին Քահանայապետական @pontifex թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակուած թուիթին մէջ, ի տես նաեւ յառաջիկայ կիրակի` 15 յունուարին նշուելիք Գաղթականներու եւ փախստականներու 103-րդ միջազգային օրուան, որուն այս տարուայ որպէս բնաբան Քահանայապետը ընտրած է ՝՝Անչափահաս գաղթականներ,  խոցելի եւ առանց ձայնի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.